image

Փութին առաջարկած է «ժամանակաւոր կառավարում» կիրառել Ուքրանիոյ մէջ

Փութին առաջարկած է  «ժամանակաւոր կառավարում» կիրառել Ուքրանիոյ մէջ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին առաջարկած է Միացեալ Նահանգներու, եւրոպական երկիրներու, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ «գործընկերներու եւ բարեկամներու» հետ քննարկել Ուքրանիոյ մէջ ՄԱԿ-ի հովանիի ներքոյ ժամանակաւոր միջազգային կառավարման ներդրման հնարաւորութիւնը:

Փութինի կարծիքով, արտաքին կառավարումը թոյլ կու տար Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւններ կայացնել եւ «իշխանութեան բերել գործունակ եւ ժողովուրդին վստահութիւնը վայելող կառավարութիւն»։ Այդպիսի կառավարութեան հետ Ռուսիան կրնար բանակցութիւններ սկսիլ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ եւ ստորագրել փաստաթուղթեր, «որոնք ճանչցուին ամբողջ աշխարհի մէջ եւ ըլլան յուսալի եւ կայուն»:

Դիմելով «Արխանկելսք» աթոմային սուզանաւի նաւաստիներուն` ան նշած է, որ այս պահուն Ռուսիոյ համար անհասկնալի է, թէ որու հետ պէտք է ինչ որ բան ստորագրէ, քանի որ «վաղը կու գան այլ ղեկավարներ»։

«Բայց այդ տարբերակներէն միայն մէկն է։ Ես չեմ ըսեր, որ այլ տարբերակներ գոյութիւն չունին: <․․․> եւ ՄԱԿ-ի աշխատանքին մէջ նման փորձ կայ»,-աւելցուցած է Փութին։

Անոր խօսքով` քանի որ անցեալ տարի Ուքրանիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններ չեն եղած, երկրի իշխանութեան քաղաքացիական մարմիններն այժմ անօրինական են:

Ան կը պնդէ, որ այդ կրնայ յանգեցնել, որ երկիրը փաստացի ղեկավարեն «նէօնացիստական կազմաւորումները»։

Յիշեցնենք, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նախապէս Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին անուանած էր պետութեան ոչ օրինաւոր ղեկավար՝ նշելով, որ Ուքրանիոյ առաջնորդի պաշտօնական լիազօրութիւններու ժամկէտը լրացած է 2024 թուականի մայիսին։ Քիեւը շեշտած էր, որ Սահմանադրութեամբ պետութեան ղեկավարը իր պաշտօնը կը գրաւէ մինչեւ նոր ղեկավարի ընտրութիւնը:

Ուքրանիոյ մէջ ընտրութիւններ կայացնելու կոչ ըրած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ։ Ուքրանիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի ղեկավար Օլեկ Տիտենքօն ըսած էր, որ տեսականօրէն ընտրութիւնները կրնան կատարուիլ 2025 թուականին, բայց անհրաժեշտ է, որ ռազմական գործողութիւններն աւարտին եւ ռազմական դրութիւնը վերացուի: Զելենսքի փետրուարին յայտարարած էր, որ պատրաստ է հրաժարական տալ, եթէ այդ անհրաժեշտ ըլլայ խաղաղութեան հաստատման կամ ՆԱԹՕ-ին երկրի անդամակցութեան համար: