Արցախի մէջ հերոսական էջեր կերտող եւ իրենց արեամբ Արցախի հողը պաշտպանող նահատակներու շարքերուն միացած է Գրիգոր Ղազարեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Անթիլիաս մասնաճիւղի դիմատետրի էջէն։
Գրիգոր, որ անդամ էր ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ին, միացաւ կիրակի օր սկիզբ առած Արցախեան նոր հերոսամարտի նահատակներու շարանին։
Յաւերժ փառք մեր հերոսներուն։