« Գրել անժողովուրդ լեզուով» Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի համալսարանի հայագիտական ամպիոնի գարնանային ծրագրին խորագիրն էր, հաստատուած գրագէտ Գրիգոր Պըլըտեանի կողմէ եւ որուն գրականութիւնը ներկայացուեցաւ «Էջեր 20-21-րդ դարու հայ գրականութենէն» անուան տակ:
Նստաշրջանը իր աւարտին հասաւ բազմավաստակ գրագէտ, բանաստեղծ, վիպագիր, գրաքննադատ եւ բանասէր Գրիգոր Պըլըտեանին ներկայութեամբ:Եղելութեան մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ՝ Պէյրութի «Ազդակ» պարբերականէն:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հրապարակուած տեղեկատւութիւնը:
Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքի համալսարանի հայագիտական ամպիոնը հիմնուած է 2007 թուականին, ան առաջինն է երկրին մէջ, ուր 1974-ին սկսած է գործել Հայագիտական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը, որուն նիւթական մատակարարութիւնը կ՛ապահովուի Ղուկասեան եղբայրներու հաստատած «Ղուկասեան» հիմնադրամին կողմէ:
Ամպիոնի վարիչն է փրոֆ. Վալենթինա Քալզոլարի Պուվիէ:
Համալսարանական ուսանողներուն կողքին, ազատ ունկնդիրներու ներկայութիւնը հաճելի առիթ մըն է գրասէր հասարակութեան համար:
Այս տարուան 28 փետրուարէն սկսեալ, երկշաբաթեայ դրութեամբ, յաջորդական եօթը նիստերով գարնանային կիսամեակի ծրագիրին խորագիրն էր « Գրել անժողովուրդ լեզուով» սահմանում մը` հաստատուած գրագէտ Գրիգոր Պըլըտեանի կողմէ, որուն գրականութիւնը ներկայացուեցաւ «Էջեր 20-21-րդ դարու հայ գրականութենէն» անուան տակ:
Հեղինակին բազմաթիւ ստեղծագործութիւններէն Հալէպի մէջ «ՄԱՇՏՈՑ» մատենաշարով «Կիլիկիա» հրատարակչատունէն լոյս տեսած են երկու հատորներէն «ՍԵՄԵՐ» (1997) եւ «ՀԱՐՈՒԱԾԸ» (1998) առաջինին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը «Seuils» անուանումով կատարած է Սոնիա Պեքմեզեան, «Փարանթեզ» հրատարակչատուն, Մարսէյ, 2011-ին, (éditions Paranthèses):
Փրոֆ. Քալզոլարի սպառիչ ուսումնասիրութեամբ ներկայացուց այս գիրքը, հոն գործող տիպարները, միջավայրը` Հայաշէն աւանը, սփիւռքահայ գաղթական հայու վիճակը, մտայնութիւնը, առօրեան, տագնապներն ու յոյզերը:
Վերջին երկու նիստերու աւարտին կատարուեցան հայերէն բնագիրէն ընթերցումներ, ուր շօշափելի դարձաւ Պըլըտեանի մշակած լեզուն, բարբառով համեմուած եւ ժողովրդային բառեր ներմուծած գրական իւրայատկութեամբ:
Ամպիոնին հրաւէրով բազմավաստակ գրագէտ, բանաստեղծ, վիպագիր, գրաքննադատ եւ բանասէր Գրիգոր Պըլըտեանի ներկայութեամբ իր աւարտին հասաւ այս նստաշրջանը, երեքշաբթի, 20 մայիսին, Ժընեւի համալսարանի փիլիսոփայութեան շէնքին մէջ, ներկայ էին հայագիտական ամպիոնի ուսանողներն ու ազատ ունկնդիրները:
Իր բարի գալուստի խօսքով փրոֆ. Վալենթինա Քալզոլարի ողջունեց արեւմտահայ գրագէտ Գրիգոր Պըլըտեանը` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր, որ ընդառաջեց ամպիոնի հրաւէրին:
Ցարդ նախորդ նիստերով քննարկած հատորի մասին որոշ լուսաբանութիւններէ ետք հիւր հեղինակը ներկայացուց այդ գիրքին միջավայրը Պէյրութ` Էշրեֆիէի լանջին Հայաշէն աւանը, ուր ապրած է ան նախակրթարանի օրերուն: Իր կիւրիւնցի ծնողքի բնօրրանի հայրենակցական միութեան շնորհիւ ընդունուած է Պէյրութի Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանը:
Ան ներկայացուց նաեւ Ֆրանսա հասած ուսանողի մը դժուարութիւնները, այստեղ ան հետեւած է փիլիսոփայութեան, թէեւ մայրը կ՛ուզէր իր որդին բժիշկ տեսնել:
Ներկաներէն ուսանող մը հարց տուաւ գրագէտին, թէ ինչո՞ւ ֆրանսերէնով չի գրեր: Պըլըտեան պատասխանեց, որ ֆրանսերէնը գեղեցիկ լեզու մըն է, սակայն` «Ես
կ՛ուզեմ ստեղծագործել իմ մայրենի լեզուով` արեւմտահայերէնով»:
Պըլըտեանի գրական արգասիքին վերջին հատորը լոյս տեսած է այս տարուան ապրիլ ամսուն, անիկա իր ինքնակենսագրութեան ՄԱՆՏՐԱՆԵՐ շարքին հինգերորդն է, ֆրանսերէնով` Nom, թարգմանիչ` Սոնիա Պեքմեզեան, Classiques GARNIER մատենաշարով: Պատում մըն է իր ծննդավայր Հայաշէնի` հիմնուած 1920-ին, ուրկէ գաղթած է Փարիզ 1968-ին: Այստեղ իր մանկութեան լսած վկայութիւնները իր ապրումներու ընդմէջէն համեմատած է Սորպոնի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած զեկոյցներուն հետ:
Հայագիտական ամպիոնի կողմէ հրատարակուած պրոշիւրին վերջաւորութեան կը կարդանք ֆրանսերէնի թարգմանուած Գրիգոր Պըլըտեանի հետեւեալ միտքը` «Ոչ թէ վերապրողներու լեզուով, բայց գոյատեւող լեզուով, որ մահապատժի ենթարկուած է 1915 թուականին, Միշտ առկախուած, տարօրինակ կերպով կենդանի»:
Զուիցերիահայ գաղութի շաբաթական լրատուութեամբ ծանուցուած այս հանդիպումին հայազգի ազատ ունկնդիրներու ներկայութիւնը սակաւաթիւ էր:
Այս երեւոյթը կը հաստատէ հեղինակին «Անժողովուրդ լեզու» սահմանումը:
Ժընեւ