image
Հրատապ լուրեր:

Այնճար. Տեղի ունեցաւ Գրիգոր Գուտուլեանի հարթաքանդակի բացումը

Այնճար. Տեղի ունեցաւ Գրիգոր Գուտուլեանի հարթաքանդակի բացումը

Մուսա լերան հերոսամարտի 104-ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 14 սեպտեմբեր 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին,  Այնճարի մէջ բացումը կատարուեցաւ Այնճարի Ազգային Յառաջ վարժարանի նախկին վաստակաշատ տնօրէն Գրիգոր Գուտուլեանի հարթաքանդակին, որուն հեղինակն է ճարտարապետ-քանդակագործ Տիգրան Գալուստեան:

 ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեանը պատմական յետադարձ ակնարկով հակիրճ, բայց հանգամանօրէն նշեց Գրիգոր Գուտուլեանի մտաւորական կեանքի կազմաւորման պայմանները, գործունէութեան լուռ, բայց դրոշմատիպ ազդեցութիւնը: Յակոբ Հաւաթեան ցաւ յայտնեց, որ մեծարեալին մասին վաւերական տեղեկութիւնները ժլատ են, եւ նոյնիսկ անոր հարազատները յաւելեալ տեղեկութիւններ չունին անոր կեանքին ու գործունէութեան մասին: «Բայց ո՞վ ըսած է, թէ կենսագրութիւնները տողերով կ՛իմաստաւորուին ու կը հարստանան: Գրիգոր Գուտուլեանի կեանքը կենարար գործով, գաղափարական խոր ըմբռնումներով ու նաեւ հայութեան եւ անոր հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանման պայքարով  յատկանշուեցաւ ու իբրեւ այդպիսին անոր անունը արժանաւոր կերպով հանգչեցաւ մեծերու պատուանդանին վրայ», շեշտեց Հաւաթեան: Ան նշեց Գուտուլեանի ունեցած մտաւորական ներդրումը նաեւ «Ազդակ»-ին իր աշխատակցութեամբ` դիտել տալով, որ Գուտուլեան շեշտը կը դնէր հայ ընտանիքի ու մանաւանդ հայ մօր գլխագիր դերին վրայ: Ան մէջբերեց Գուտուլեանի այն խօսքը, թէ` «սերունդը պէտք է լա՛ւ ճանչնայ զինք ծնող ցեղը, յարգանքի զգացում ունենայ իր նախահայրերուն հանդէպ  եւ ապա սէր ու նուիրում իր ազգին ու հայրենիքին»:

Այս առիթով Հաւաթեան բարձր գնահատեց Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի 79-ամեայ երթը, որ միշտ դարձաւ այդ գիւղին նկարագիր տուող` իբրեւ մարդուժի պատրաստութեան եզակի  հնոց մը:

Ապա Արմէն Թաշճեան  հրաւիրեց Այնճարի հիմնադրութեան 80-ամեակի յոբելենական մարմինի պատուոյ նախագահ Վարուժան արք. Հերկելեանը, ազգային բարերար տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեանը եւ Յակոբ Հաւաթեանը` բացումը կատարելու Գրիգոր Գուտուլեանի հարթաքանդակին:

Նշենք, որ Գրիգոր Գուտուլեան մեծ հայրն է Անի Պէզիքեանին:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն (յապաւուած)