image

«Զօրաւոր ապտակ» պիտի հասցնենք Միացեալ Նահանգներուն. Իրանիեան յեղափոխութեան պահակազօր

«Զօրաւոր ապտակ» պիտի հասցնենք Միացեալ Նահանգներուն. Իրանիեան յեղափոխութեան պահակազօր

Իրանեան իսլամական յեղափոխութեան պահապազօրի հրամանատարը չորեքշաբթի օր պատերազմական ռազմափորձի աւարտին յայտարարած է, թէ Միացեալ Նահանգները «ուժեղ ապտակ» մը ստանալու պատրաստ պէտք է ըլլայ, եթէ ան լուրջի չառնէ Իրանի պաշտպանական հնարաւորութիւնները:

Յեղափոխութեան պահակազօրի « Sepah News» կայքը, այս մասին Ցամաքային Ուժերու հրամանատար զօրավար Մոհամմատ Պաքպուրի խօսքը փոխանցելով, նշած է. «Թշնամին իր գնահատականներուն մէջ պէտք չէ սխալի, այլապէս անսպասելի ուժեղ ապտակ կը ստանայ դէմքին, այդպիսի սխալի մը պարագային»:

Պաքպուր նաեւ նշած է, որ այս զօրավարժութիւնը նամակ է յոխորտացող աշխարհին՝ որեւէ յիմարութիւն չկատարելու»: Ան  աւելցուցած է նաեւ, որ «Իւրաքանչիւր անձ այժմ կրնայ տեսնել այն ուժը, որ մենք ունինք գետնի վրայ»:

Կը նշուի, որ Իրանեան յեղափոխական պահակազօրը այսօր կը շարունակէ իր հրթիռներու, հրետանիի, թանկերու եւ ուղղաթիռներու փորձերը, որ սկսած էր Թրամբի կողմէ Իրանին ուղղուած պաշտօնական զգուշացումէն  շաբաթներ ետք: