image

Թեմական-պատգամաւորական ժողով Տհոքի մէջ

Թեմական-պատգամաւորական ժողով Տհոքի մէջ

Ազգային Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով եւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի նախագահութեամբ, Տհոքի մէջ, օրերս, տեղի ունեցած է Թեմական ժողով՝ Իրաքահայոց եկեղեցւոյ ներքին կանոնադրութիւնը բարեփոխելու նպատակով։

Ասոր մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ՝ լրատւութիւնը։

2025 թուականի Յունուար 23ին և 24ին, Տհօքի Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան հրաւէրով և Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Թեմական ժողով, 1963 թուականի թիւ 87 համարով Իրաքահայոց եկեղեցւոյ ներքին կանոնադրութիւնը բարեփոխելու նպատակով։

Երկու օրեր տեւող ժողովին մասնակցեցան Իրաքի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենապետն ու անդամները և Թաղական խորհուրդներու ատենապետներն ու անդամները։

Ծանօթ։ Նիւթը, որոշ բարեփոխումներով,

արտատպեցինք Զախոյի պաշտօնական կայքէն։