Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան հանդիպում ունեցած է երկրի Կաթողիկէ հայոց պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Ծայրագոյն Վարդապետ Գազանճեան Գերապայծառի հետ։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին նշուած է Թուրքիոյ նախագահի կայքին մէջ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ Էրտողանի եւ հայ հոգեւոր առաջնորդի միջեւ հանդիպումը տեղի ունեցած է Պոլսոյ Աթաթուրքի անուան օդակայանի պետական հիւրատան մէջ։
Հանդիպման վերաբերեալ այլ մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուիր։