Օրերս Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է արմատներով մուսալեռցի եւ վերջին տարիներուն հայրենադարձած մեր հայրենակիցներէն՝ Նիկոլ Հերկելեան։
Այնճարի հայկական շրջանակներուն մէջ ծանօթ անուն Նիկոլ Հերկելեան նուիրեալ հայր էր ու այդ ոգիով ալ պահեց իր ընտանիքը։
Հանգուցեալը կրտսեր եղբայրն է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աւագ միաբաններէն՝ Գերշ. Տ. Վարուժան արք. Հերկելեանին, որուն այս առթիւ կը յղենք մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները։ Ստորեւ հանգուցեալի մահազդը։
Գերաշնորհ Տ.Վարուժան Արք.Հերկելեան
Տիկ.Սանդուխտ Հերկելեան եւ զաւակները' Վիգի,Սօսէ եւ Ատոմ
Տիկ.Հեղնար Անտոնեան եւ զաւակները' Հրայր եւ Լոռի
Տէր եւ տիկ.Մովսէս Հերկելեան եւ զաւակունք
Օր.Ծաղիկ Հերկելեան
Հանգուցեալ Յակոբ Հերկելեանի ընտանիք
Եւ համայն'
Հերկելեան,Քիւսպէքեան,Տումանեան ,
Անտոնեան եւ Թասլաքեան ընտանիքներ,
կը գոյժեն մահը իրենց եղբօր,ամուսնոյն,հօր եւ հարազատին'
Նիկոլ Խաչեր Հերկելեանի
(Ծնեալ 1948,Այնճար)
որ պատահեցաւ այսօր,27 Յունուար 2025ին,Երեւանի մէջ։
Թաղման մանրամասնութիւնները կը փոխանցենք շուտով։