Ուաշինկթըն պիտի բարձրացնէ մաքսատուրքերը Մեքսիքայէն, Գանատայէն եւ Չինաստանէն ներկրուող ապրանքներուն համար։ Այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան խօսնակ Քերոլայն Լիվիթ՝ նշելով, որ Գանատայի եւ Մեքսիքայի պարագային մաքսատուրքը պիտի կազմէ 25, իսկ Չինաստանի պարագային՝ 10 տոկոս։
Սպիտակ տունը նշած է, որ այս քայլին կը դիմէ այն պատճառով, որ այդ երկիրները բաւարար քայլեր չեն ձեռնարկեր կանխելու համար ֆենթանիլ թմրանիւթի ներմուծումը Միացեալ Նահանգներ։
Ամերիկեան լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ նոր մաքսատուրքերը կրնայ ըլլալ ուժի մէջ մտնեն արդէն այսօր։