Եգիպտոսի, Յորդանանի, Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարները համատեղ յայտարարութիւն տարածած են, որ հրապարակուած է Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման աւարտին: Միջոցառման մասնակցած է նաեւ Պաղեստինի ազատագրման կազմակերպութեան գործադիր կոմիտէի ընդհանուր քարտուղարը։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Կազայի հատուածը՝ Արեւմտեան ափի եւ Արեւելեան Երուսաղէմի հետ, պաղեստինեան տարածքներու մէկ մասն է եւ, հետեւաբար, պէտք է անցնի Պաղեստինի ազգային վարչակազմի վերահսկողութեան տակ: Անոնց կարծիքով՝ նման քայլ միջազգային հանրութեան հնարաւորութիւն կու տայ յաղթահարելու պաղեստինեան տարածքին մէջ մարդասիրական աղէտի հետեւանքները։
Եգիպտոսը, Յորդանանը, Քաթարը, Սէուտական Արաբիան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Պաղեստինի ազատագրման կազմակերպութիւնը եւ Արաբական լիկան կ'ակնկալեն համագործակցիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին հետ՝ պաղեստին-իսրայէլեան հակամարտութիւնը երկու պետութեան սկզբունքի հիման վրայ լուծելու համար։ Հանդիպման մասնակիցները ցանկութիւն յայտնած են համագործակցիլ Ուաշինկթընի հետ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ արդար եւ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար: