image

ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը այցելեց Անթիլիաս 

ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը այցելեց Անթիլիաս 

Օրերս  Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ  Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելած է ՀՅԴ պատուիրակութիւն մը: 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ․

Շաբաթ, 1 Փետրուար 2025-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութենէն (ՀՅԴ) պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպէր Պալապանեան:

Հանդիպումին արծարծուած հիմնական թեմաներն էին Հայաստանի ներկայ իրավիճակը, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու այսօրուան համապատկերը, Ցեղասպանութեան յղացքին մասին հնչող յայտարարութիւններու բացասական հետեւանքները, Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւնները եւ յատկապէս լիբանանահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները։