image

Ժամանակակից հանքարդիւնաբերութիւնը Հայաստանի մէջ. ԶՄՊԿ-ի տեսլականն ու առաքելութիւնը (Լուսանկար)

Ժամանակակից հանքարդիւնաբերութիւնը Հայաստանի մէջ. ԶՄՊԿ-ի տեսլականն ու  առաքելութիւնը (Լուսանկար)

Այսօր Հայաստանի պարագային սահմանային անվտանգութեան խնդիրը միակ խնդիրը չէ, որ ծառացած է մեր առջեւ այլ կան նոյն հարթութեան հիմնահարցեր, որոնք ի տարբերութիւն սահմանային անվտանգութեան հիմնահարցերուն բազում առումներով լուծելի են ու կը պահանջեն արագ արձագանգող եւ իրազեկուած հասարակութեան համընդհանուր ճիգերուն ու նուիրուածութեան։

 Ու այստեղ դարձեալ կը կարեւորուի այն փաստարկը, որ այդ ճիգերու պարագային Հայաստանը շատ արագ կերպով կրնայ ունենալ եւ գտնել միջազգային վարկ եւ անուն վայելող կազմակերպութիւններ։

 Նիւթը  համադրեց՝  «Արեւելք»ը 

Նախաձեռնաողականութիւնէն բացի մեր ժամանակներուն հիմնարար սկզբունք սկսած է դառնալ ներուժի առկայ աղբիւրներու «պահպանութեան» հիմնախնդիրը։ Պահպանութիւն մը, որ առաւելապէս կը խօսի արդի ժամանակներու մտահոգութեանց լեզուով։

Աշխարհը փոխուած է վաղուց, ու գիտակից մարդկութեան հիմնական մասը եկած է այն համոզումին, որ այսօր մարդկութեան առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներուն «թագն ու պսակ»ը կենսոլորտի պահպանութիւնն է։

 Ջրային պաշարները, անտառներու անվտանգութիւնը, թթուածինի վերաբաշխման եւ «մաքրութեան» ապահովումը, ինչպէս նաեւ այս դրոյթներէն ներուժ ստանալու հիմնական աղբիւր՝ հանքարդիւնաբերութիւնը կարիքն ունին նոր հայացքներու եւ տեսլականներու։

 Այդ տեսալականները առաւելապէս կը խօսի համակարգային ու նաեւ կենսոլորտային անվտանգութեան հիմնադրոյթներու մասին, որոնք ընթացք կ՚առնեն փոքր քայլերով ու կը տարածուին մեծ համայնքներու վրայ։ 

 Նոյնը անշուշտ Հայաստանի պարագային է, ուր ջերմուժի, ջուրի, հանքարդիւնաբերութեան ու նաեւ անտառային պաշարներու հիմնախնդիրները սկսած են ընկալուիլ իբրեւ մասնիկը ազգային ներուժի անվտանգութեան։

 Այսօր Հայաստանի պարագային սահմանային անվտանգութեան խնդիրը միակ խնդիրը չէ, որ ծառացած է մեր առջեւ այլ կան նոյն հարթութեան հիմնահարցեր, որոնք ի տարբերութիւն սահմանային անվտանգութեան հիմնահարցերուն բազում առումներով լուծելի են ու կը պահանջեն արագ արձագանգող եւ իրազեկուած հասարակութեան համընդհանուր ճիգերուն ու նուիրուածութեան։

 Ու այստեղ դարձեալ կը կարեւորուի այն փաստարկը, որ այդ ճիգերու պարագային Հայաստանը շատ արագ կերպով կրնայ ունենալ եւ գտնել միջազգային վարկ եւ անուն վայելող կազմակերպութիւններ։

 Այստեղ է նաեւ, որ կը կարեւորուի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ գերագոյն ճիգեր եւ մեծ աւանդոյթ ձեռք բերած Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմպինատի (ԶՊՄԿ) դերն ու տեղը մեր արծարծած ու մեզ բոլորիս մտահոգող հիմնահարցերուն առընթեր։

 Ջրային պաշարներու ճիշդ կառավարում, անտառներու ու բնական հարստութեան պահպանութիւն ու այս բոլորին հետ ու կողքին գործող հանքերը ճիշդ եւ ապահով հունի մը մէջ պահելու յանձնառութիւն։

 Ի դէպ այս օրակարգերը այս օրերուն դարձեալ արծարծուեցան, երբ պատասխանատուութեան Զանգեզուրի պղնձամոլիպտենային կոմպինատի (ԶՊՄԿ) գլխաւոր տնօրէն Ռոման Խուտոլի կարեւոր յայտարարութիւններ կատարելով դարձեալ վերհանեց բնապահպանութեան առընթեր կազմակերպութեան ունեցած յանձնառութեան ընդհանուր տեսլականը։

 Պրն« Խոտոլի հայրենի ԶԼՄ-ներուն խօսելով ու այս թեմաներուն մասին իր շեշտերը դնելով մասնաւորապէս ըսաւ ՝«ԶՊՄԿ-ը հրապարակայնօրէն պարտաւորուած է փոխուելու ժամանակակից հանքարդիւնաբերական ընկերութեան, որ կ'աշխատի ոլորտի առաջատար չափանիշներուն համապատասխան: Այս օրերուն , երբ աշխարհը նշեց բնապահպանական քանի մը կարեւոր իրադարձութիւններ, մենք կը ցանկանք վերահաստատել մեր այս յանձնառութիւնը: Հանքարդիւնաբերութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ ուժանիւթային անցման եւ կանաչ տնտեսութեան համար նիւթեր ապահովելու գործին մէջ: Որպէս արդիւնաբերական ճիւղ՝ մեր պարտականութիւնն է ապահովել տնտեսական վերափոխումը՝ բնապահպանական պատասխանատուութեան ամբողջական համարկմամբ: Ոլորտի առաջատար ընկերութիւններն արդէն կ'ապացուցեն, որ ասիկա դժուար, բայց հնարաւոր եւ այլընտրանք չունեցող ճանապարհ է, եւ ես հպարտ եմ, որ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ մեր ընկերութիւնն արդէն զգալի առաջընթաց արձանագրած է այս ուղղութեամբ»։

Նշենք նաեւ, որ ԶՊՄԿ անցնող օրերուն ներկայացուցած է անցեալ տարուան ընթացքին կատարուած, ընթացիկ եւ ծրագրուող բնապահպանական միջոցառումները եւ այդ մասին առկայ տեղեկութիւնները «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք ստորեւ՝

Անտառներու վերականգնում․ ընդհանուր առմամբ՝ 2023-ի դեկտեմբերի ընթացքին տնկուած է եւ մշակուած 12.588 ծառ, 1350 թուփ, 4230 ծաղիկ, 140 քկ. մարգախոտի (գազոն) սերմ։ Այս տարի մեկնարկած է անտառային վերականգնման աննախադէպ գործընթացը, որ կը ներկայացնէ ընդհանուր առմամբ 20 հեկտար անտառատնկում՝ շուրջ 17 հեկտար անտառային հողերու մէջ եւ 3 հեկտար համայնքային նշանակութեան տարածքներուն մէջ։ Միայն Արծուանիկի պոչամբարին մէջ հաշուետու տարուան ընթացքին իրականացուած է 20 հեկտար վերաբուսածութիւն՝ օգտագործուած է աւելի քան 10.700 ծառ։

Նոր կէոսեյսմիկ ( հակա-երկրաշարժային) համակարգի տեղադրում․ համակարգի տեղադրումը թոյլ կու տայ ցանկացած թրթռական շարժման պարագային հասկնալ պոչամբարի զգայնութիւնը եւ անոր թոյլատրելի շեղումներու ցուցանիշները։ Այս սարքաւորումներու շնորհիւ որեւէ շարժման պարագային ինքնաբերաբար արձագանգման համակարգը պիտի արձանագրէ տուեալները, համեմատէ թոյլատրելի եւ ոչ թոյլատրելի շեղումներու ցուցանիշները եւ անմիջապէս հաղորդէ ատոնց մասին։ Կը նախատեսուի, որ առաջիկայ 7-8 ամիսներու ընթացքին համակարգը պատրաստ ըլլայ շահագործման։

Փոշիի կառավարում․ նոր ջրային թնդանոթներու համակարգը տեղւոյն վրայ անմիջապէս կը նստեցնէ փոշին հորատման աշխատանքներու ընթացքին։ Բացահանքին մէջ արդէն տեղադրուած է 4 թնդանոթ։ Առաջիկային պիտի ներմուծուին ջուրի շիթային թնդանոթներ, ինչպէս կայուն, այնպէս ալ՝ շարժական համակարգերով։ Ջուրի շիթային թնդանոթներ կը կիրառուին աշխարհի առաջատար հանքարդիւնաբերական ծրագիրներով եւ զգալիօրէն կը նուազեցնեն փոշիի հոսքը հանքավայրէն դուրս ։

Ջուրի պահպանութիւն․ կը ծրագրուի Քաջարանի համայնքապետարանի հետ համատեղ կեղտաջուրերու մաքրման կայանի տեղադրման իրականացումը։ Յայտարարուած մրցոյթի ծիրէն ներս արդէն ստացուած են գիներու առաջարկներ հաւանական կապալառուներէ։ Մաքրման կայանը պէտք է իրականացնէ 50 լիթր վայրկեանի մէջ շրջապտոյտով կոյուղաջուրերու մաքրում։ Կայանի շահագործման ժամկէտը յստակ պիտի ըլլայ նախագծման եւ պիւտճէն որոշելու փուլերու աւարտէն յետոյ։

Ընկերութիւնը կը դիտարկէ նաեւ Արծուանիկի պոչամբարի ջուրերու շրջանառու համակարգի եւ այլընտրանքային լուծումներու ներդրման հնարաւորութիւնը։