image

Զգուշացում սուրիացի փախստականներուն

Զգուշացում սուրիացի փախստականներուն

Գերմանական շարք մը թերթեր անդրադարձած են սուրիացի փախստականներն իրենց տուները ուղարկելու գաղափարին:

«Die Welt» թերթը հարցադրում առաջացուցած է, թէ «Ներկայիս որքանո՞վ անվտանգ է Սուրիա»:

Թերթը գրած է, թէ Սուրիոյ պատերազմն արդէն աւարտելու շեմին է, «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը պարտութիւն կրած է, իսկ կառավարութիւնը, Ռուսիոյ աջակցութեամբ, իր հողերու մեծ մասն ազատագրած է: Թերթը շարունակելով պատմած է, թէ 2017 թուականի առաջին կիսուն մօտ 440 հազար անձեր վերադարձած են իրենց գիւղերն ու քաղաքները, իսկ այլ երկիրներ մեկնած փախստականներէն 300 հազարը տուն դարձած է:

Թերթը շեշտած է, որ Սուրիա արդէն կը վերագտնէ իր անվտանգութիւնը, հետեւաբար պէտք է Գերմանիա ապաստանած փախստականները նոյնպէս ուղարկել իրենց երկիրը, միաժամանակ կոչ ուղղելով ընթացիկ տարուան ընթացքին վերջնականապէս լուծել սուրիացի փախստականներու մնալու կամ հեռանալու հարցը: