image

Արեւելեան Թեմ. Վահան Արծրունիի հոգեշունչ համերգը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ յարկին ներքոյ

Արեւելեան Թեմ. Վահան Արծրունիի հոգեշունչ համերգը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ յարկին ներքոյ

Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւելեան Թեմէն ներս կրօնաւորի նուիրական առաքելութիւն յանձն առած Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան կարեւոր ներդրում կ՚ունենայ համայնքի կրօնական աշխուժութեան կողքին զարկ տալու ազգային-մշակութային նախաձեռնութիւնները։

Օրերս Տէր Հօր անմնացորդ ճիգերով Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ յարկին ներքոյ ելոյթ ունեցած է այս օրերուն Միացեալ Նահանգներ գտնուող հայրենի երաժիշտ եւ մենակատար՝ Վահան Արծրունին։ Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուրկէ ալ քաղած ենք ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը։

 

Կիրակի, 7 ապրիլին, Արեւելեան թեմի Ս. Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, տեղի ունեցած է երաժշական երեկոյ կատարողութեամբ՝ Հայաստանէն ժամանած տաղանդաւոր արուեստագէտ՝ Վահան Արծրունիին եւ ընկերակից ՝Նելլի Մանուկեանին։Ելոյթի խորագիրն էր «Բանաստեղծութեան երաժշտութիւն»ը նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 155 ամեակին: 

Վահան Արծրունի իր կիթառով եւ երգեցողութեամբ, իսկ Նելլի Մանուկեան իր սրինգով։ Յայտագիրը բաղկացած էր ստեղծագործութիւններէ, որոնք ներշնչուած, մշակուած կամ հիմնուած էին Մեսրոպ Մաշտոցի հոգեւոր շարականներուն վրայ, նաեւ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութենէն, Ռազմիկ Դաւոյեանի բանաստեղծութիւններէն, ինչպէս նաեւ Վահան Արծրունիի ստեղծագործութիւններէն: 

Վահան Արծրունի հայ անուանի երգիչ եւ երգահան է, որ յայտնի է երաժշտութեան հանդէպ իր նորարարական մօտեցումներով։ Ան կ'ուսումնասիրէ երաժշտական ոճեր՝ սկսեալ սիմֆոնիք եւ սենեկային երաժշտութենէն մինչեւ արդ-ռոք, ելեկտրոնային, երգչախմբային նոյնիսկ շարժանկարի եւ թատրոնի երաժշտութիւն: 

Արծրունիի նշանաւոր ստեղծագործութիւնն է՝ «Կոմիտաս. Տասը Յայտնութիւն» երգաշարը հիմնուած Կոմիտասի բանաստեղծութեան վրայ, մշակումը՝ Սուրբ Ասորական եկեղեցւոյ արեւելեան երաժշտութեան, վերլուծութեամբ Մեսրոպ Մաշտոցի հայ հոգեւոր շարականներու։ Վահան ստեղծած է երգերը ներշնչուելով Ռազմիկ Դաւոյեանի բանաստեղծութիւններէն: 

Նելլի Մանուկեան իր կարգին սրինգահարուհի եւ դաշնակահարուհի է: Ան կը ներկայացնէ տարբեր տեսակի Ճազ երաժշտութիւն, նաեւ ռոք: Նելլին Վահանի հետ աշխատած է վերջինիս բոլոր ծրագիրներուն մէջ՝ ինչպէս «Կոմիտաս. Տասը Յայտնութիւն», «Արծրունի առաջադիմական երաժշտութիւն» նախագիծ, եւ 2010-էն ի վեր «Վահան Արծրունի երկանուագ»: 

Այս համերգը Միացեալ Նահանգներու անոնց առաջին շրջագայութեան երրորդ կանգառն էր: Անոնք ելոյթներ պիտի ունենան զանազան նահանգներու մէջ, քանի մը շաբթուան ընթացքին: 

Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետ Արմէն Մորեան ողջունած է ներկաները եւ ներկայացուցած արուեստագէտ կատարողները։ Ելոյթի աւարտին, Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Մեսրոպ քհնյ. Լագիսեան համերգը նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներուն։ Ան ըսած է, թէ հայ ժողովուրդը կանգնած է երեք սիւներու վրայ՝ հաւատք, հող եւ մշակոյթ, եւ որ որքան տեղին է, որ այս երեքին մասին այդքան խոր կատարումը տեղի ունեցաւ Մայր տաճարին մէջ, Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող խորանի կողքին եւ այն նկարին տակ, որ կը յիշատակէ պայքարը Նահատակներուն, ներառեալ՝ Կոմիտաս Վարդապետին, ինչ որ աւելի մեծ իմաստ կու տայ համերգին։ Տ. Մեսրոպ շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ խմբավար Կոնստանտին Պետրոսեանին, որ հովանաւորած եւ հնարաւոր դարձուցած այս համերգը եւ արուեստագէտներուն այցը Ամերիկա: 

Իր կարգին Վահան Արծրունի երախտագիտութիւն յայտնած է Տ. Մեսրոպին եւ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ նշած, թէ որքան յուզիչ, բովանդակալից եւ առանձնայատուկ էր ներկայացնել իր երաժշտութիւնը Մայր տաճարին մէջ, ինչ որ երբեք թոյլատրուած չէր իրեն ընել նախքան Ամերիկա այցելութիւնը: Ան ըսած է, որ եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունենալը ստիպած է, որ ան գնահատէ իր սեփական երաժշտութեան հոգեւոր ծաւալը, ինչ որ երբեք չէր զգացած աշխարհիկ վայրերու մէջ ելոյթ ունեցած ատեն, եւ որ ինք շատ լաւ զգացած էր կատարելով եկեղեցւոյ ջերմ մթնոլորտին մէջ: