image

Առաջիկայ 2 օրերուն Մոսկուայի մէջ ահաբեկչութիւններու սպառնալիք կայ. Նախազգուշացում՝ ԱՄՆ դեսպանատունէն

Առաջիկայ 2 օրերուն Մոսկուայի մէջ ահաբեկչութիւններու սպառնալիք կայ. Նախազգուշացում՝ ԱՄՆ դեսպանատունէն

Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը յայտարարած է, որ յառաջիկայ երկու օրերուն Մոսկուայի մէջ հնարաւոր են ահաբեկչութիւններ։

Միացեալ Նահանգներու հնչեցուցած նախազգուշացումը իր կայքին մէջ տեղադրած է նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։ Այս մասին գրած է kommersant.ru-ն: 

«Դեսպանատունը կը հետեւի հաղորդագրութիւններուն այն մասին, որ ծայրայեղականները կը ծրագրեն յառաջիկային յարձակիլ Մոսկուայի մէջ մեծ խումբերով հաւաքուած մարդոց վրայ, ներառեալ համերգները: Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն խորհուրդ կը տրուի յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին խուսափիլ մեծ ամբոխներու մէջ գտնուելէ», -ըսուած է Միացեալ Նահանգներու դիւանագիտական ներկայացուցչութեան յայտարարութեան մէջ։

Դեսպանատան կայքի ռուսերէն տարբերակին մէջ նախազգուշացում չկայ։

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիա մեկնելու վտանգի մակարդակը բարձրացուցած է առաւելագոյնի՝ չորրորդ մակարդակի։ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեռ չէ մեկնաբանած այս տեղեկութիւնը։ Մոսկուայի մէջ, մարտի 8-ին, Կանանց միջազգային օրուան կապակցութեամբ տասնեակ տօնական միջոցառումներ նախատեսուած են։