Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի աշակերտուհիներէն ՝ Մէյրի Էքմէքճեան Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ տեղի ունեցած միջ-դպրոցական մրցումին գրաւած է երկրորդ պատուաբեր դիրքը։
Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ վարժարանի դիմատետրեան խումբէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է`
Կը շնորհաւորենք Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի աշակերտուհի Մէյրի Էքմէքճեանը, Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100-ամեակին առիթով տեղի ունեցած միջ-դպրոցական մրցումին պատուաբեր երկրորդ տեղը գրաւելուն առիթով:
Մէյրիին սեւակեան խօսքի կատարումը մեծ ազդեցութիւն գործեց նոյն առիթով ժողովրդային հանդիսութեան մասնակիցներուն վրայ, որ կազմակերպուած էր Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան ու Գիր եւ գրականութեան մասնագիտացած մասնաճիւղին կողմէ:
Յիշեցնենք, որ մեր աշակերտուհին երկու տարի առաջ շահած էր Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի կազմակերպած ասմունքի մրցումին առաջնութիւնը:
Մէյրիին կը մաղթենք, որ չզլանայ մշտական ներկայութիւն ըլլալու բեմերուն վրայ, ի խնդիր Հայ բանաստեղծութեան տարածման: