❗️🇹🇷Կարօ Գաբրիէլեանի կարծիքով Թուրքիան այսօր փլուզման եզրին է։
❗️🇹🇷🇦🇲Պոլսահայ մեր հայրենակիցը, որ կարեւոր մանրամասննութիւններ ներկայացուց թուրքիոյ մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտին մասին նշեց, որ վերջին ընտրութիւններուն եղածը ժողովուրդին կողմէ տրուած ապտակ մըն էր գործող իշխանութիւններուն։
❗️Գաբրիէլեան նաեւ նշեց, որ մինչեւ օրս Թուրքիան կը ղեկավարուի «Խորունկ պետութիւն» անունով յայտնի համակարգով մը, որ միշտ ալ օրակարգէն դուրս հանած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրակարգը։
❗️ Գաբրիէլեան նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ ապագան բաւականին անորոշ է ու չի բացառուիր, որ երկիրը յայտնուի ներքին բախումներու վտանգաւոր փուլի մը մէջ։
⭕️Թուրքիոյ վերջին զարգացումներուն մասին դիտեցէ՚ք «Արեւլք»ի մեկնաբան Սագօ Արեանի զրոյցը՝ Պոլսահայ համայնքային գործիչ՝ Կարօ Գաբրիէլեանին հետ։