image

Պոլսոյ մէջ. «Ակօս»ի աւագ նուիրեալներուն՝ պարգեւատրում

 Պոլսոյ մէջ. «Ակօս»ի  աւագ նուիրեալներուն՝ պարգեւատրում

Պոլսէն ուրախալի լուր ստացանք։

Տեղի հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական էջերու գլխաւոր խմբագիրն ու հանրաճանաչ լուսանակարիչ՝ Պերճ Արապեանը լրագրողական մրցանակի արժանացած են։

 «Արեւելք» իր  ուրախութիւնը կիսելով ստորեւ կը ներկայացնէ այդ մասին «Ակօս»ի կողմէ կատարուած լրատւութիւնը։

«Ակօս»ի աշխատակազմէն հայերէն էջերու խմբագրապետ Բագրատ Էսդուգեան եւ յայտնի լուսանկարիչ Պերճ Արապեան արժանացած են Մեթին Կէօքթեփէի անուան լրագրութեան մրցանակին։ Մեր աշխատակիցները այս պարգեւին արժանացած են Արցախէն բռնի տեղահանուած ժողովուրդի հետ կատարած հարցազրոյցներու յօդուածաշարքին պատճառաւ։

Մրցանակատուչութիւնը կայացաւ 15 Ապրիլ երկուշաբթի յետմիջօրէին Շիշլի, Նազըմ Հիքմեթի անուան դահլիճի մէջ։

Այս առթիւ Էսդուգեան իր արտասանած շնորհակալութեան խօսքի մէջ անդրադարձաւ թրքական մամուլի տիրող ապատաղակատուութեան, օրինակ բերելով արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին երկրի բովանդակ մամուլի պնդումը, իբրեւ թէ պատերազմը սկսած էր հայկական կողմի յարձակումով։ «Հազիւ պատերազմի աւարտին Իլհամ Ալիեւի յայտարարութենէ ետք է, որ դադրեցաւ այդ ստախօսութիւնը» ըսաւ Էսդուգեան։

Ան նաեւ նշեց թէ այս մրցանակը յատուկ նշանակութիւն ունի իրենց համար, քանի որ ան կը կրէ ոստիկանական բռնութիւնով աշխատանքի պահուն սպանուած լրագրողի մը՝ Մեթին Կէօքթեփէի անունը։

Միջոցառումը աւարտեցաւ Կէօքթեփէի ծննդեան օրը խորհրդանշող կարկանդակի բեկանումով։