image

ԵՄ-ն 15 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ ՀՀ-ին փախստականներուն

ԵՄ-ն 15 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ ՀՀ-ին փախստականներուն

Եւրոպական յանձնաժողովի հարեւանութեան եւ ընդլայնման բանակցութիւններու հարցերով գլխաւոր տնօրինութեան Արեւելեան հարեւանութեան եւ հիմնարկներու հզօրացման հարցերով նորանշանակ տնօրէն Ատրիէն Քիրալին մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է ՀՀ փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեանի եւ Տիգրան Խաչատրեանի հետ հանդիպման արդիւնքէն։ 

«Լաւ քննարկումներ ունեցայ փոխվարչապետներ Գրիգորեանի եւ Խաչատրեանի հետ Երեւանի մէջ՝ Հայաստան-ԵՄ երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ մեր համատեղ ջանքերու շուրջ։ Հանդիպման ընթացքին ես փոխանցեցի ֆինանսաւորման համաձայնագիրը, որ 15 միլիոն եւրօ կը տրամադրէ փախստականներուն պիւտճէթային աջակցութեան համար»,- X-ի իր էջին գրած է Քիրալին։