image
Հրատապ լուրեր:

Մոսկուան կ՚աջակցի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ շփումներու շարունակման. Փեսքով

Մոսկուան կ՚աջակցի Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ շփումներու շարունակման. Փեսքով

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Մոսկուան կողմնակից է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ շփումներու շարունակութեան բոլոր վիճելի հարցերը լուծելու եւ  խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար։ Այս մասին յայտնած է ԹԱՍՍ՝ մեջբերելով Փեսքովի խօսքերը, ուր անդրադարձած է Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանի հետ սահմանի սահմանազատման ընթացակարգի դէմ բողոքի ցոյցերուն։

Ան կարծիք յայտնած է, որ այդ շփումներն անհրաժեշտ են ընդհանուր լարուածութեան եւ վերջնական կարգաւորման համար։

«Մենք չէինք ուզեր մեկնաբանել այդ։ Մենք կ'աջակցինք Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ շփումներու շարունակութեան։ Կը կարծենք, որ անոնք անհրաժեշտ են համընդհանուր լարուածութեան եւ օրակարգին վրայ յայտնուած բոլոր վիճայարոյց հարցերու վերջնական կարգաւորման եւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրութեան արագ հասնելու համար»,-նշած է Փեսքով։