image

Դամասկոսի մէջ Բարեխօսական Սուրբ Պատարագ. Ներկայութեամբ Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ հայրերուն (Լուսանկարներ)

Դամասկոսի մէջ Բարեխօսական Սուրբ Պատարագ. Ներկայութեամբ Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ հայրերուն (Լուսանկարներ)

Օրերս Դամասկոսի մէջ ի յիշատակութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն մատուցուած է Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ ի ներկայութիւն` Դամասկոսի Թեմի Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առաջնորդ հայրերուն։

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ Դամասկոսի Առաջնորդանիստ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Հայոց Ցեղասպանութեան Սբ. Նահատակաց Բարեխօսական Սուրբ Պատարագ Դամասկոսի մէջ

Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին առթիւ Դամասկոսի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Սբ. Պատարագ մատուցուեցաւ: Օրուայ պատարագիչն էր Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը: Սուրբ Պատարագին ներկայ էին Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհ. Տ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանը, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Ժողովրդապետ Գերյ. Տ. Գէորգ Ծ. Վրդ. Պահէեանը, Ասորի Պատրիրքի օգնական Տ. Ժոզէֆ Եպս. Պալին, Սուրիոյ մէջ Հ Հ Դեսպանութեան Խորհրդական Տիար Ազատ Խաչատուրեանը, Սուրիոյ մէջ Հ Հ Դեսպանութեան Հիւպատոս Վարդան Ադամեանը, Դամասկոսի Թեմի Ազգ. Իշխանութեան անդամները, Դամասկոսի Միութեանց վարչականներն ու ներկայացուցիչները եւ դամասկահայեր:

Յաւարտ Սբ. Պատարագի Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Նահատակաց Յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Սբ. Նահատակաց Բարեխօսական միջեկեղեցական միասնական աղօքթ, ներկայութեամբ Դամասկոսի քոյր եկեղեցիներու Առաջնորդներուն ու Եպիսկոպոսներուն: Աղօթքէն ետք պաշտօնկան հիւրերը յուշարձանին առջեւ ծաղկեպսակ զետեղելով իրընց յարգանքի տուրքը մատուցեցին մեր նահատակներուն: