image

Իրանէն նախազգուշացում՝ ԱՄՆ-ին. The Guardian

Իրանէն նախազգուշացում՝ ԱՄՆ-ին. The Guardian

Իրանը միջնորդներու միջոցով Միացեալ Նահանգները նախազգուշացուցած է, որ եթէ Ուաշինկթըն հարուածներ իրականացնէ Իրանի տարածքին մէջ, ապա այդպիսով պիտի հատէ կարմիր գիծը եւ պատասխան միջոցներ պիտի հրահրէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամերիկեան թիրախներու դէմ: Ատոր հետեւանքով երկու կողմը պիտի ներքաշուին ուղղակի հակամարտութեան մէջ:

Ինչպէս նշած է The Guardian-ը, այս նախազգուշացումը հնչած է այն ժամանակ, երբ աշխարհն ուշադիր կը հետեւի՝ տեսնելու, թէ իացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը ինչպէս պիտի պատասխանէ Իրանի աջակցութիւնը վայելող աշխարհազօրայիններու կողմէ կիրակի Յորդանանի մէջ ամերիկեան ռազմակայանի վրայ անօդաչուով յարձակմանն ու ատոր հետեւանքով երեք ամերիկացի զինուորներու սպանութեան:

Պայտըն յայտարարած է, որ արդէն կայացուցած է պատասխան արձագանգի հետ կապուած իր որոշումը,  բայց չէ բացայայտած մանրամասները: Միեւնոյն ժամանակ ան ընդգծած է, որ իացեալ Նահանգները չուզեր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմի ընդլայնում: 

Պայտըն կիրակի օրուան հարուածէն ետք երկուշաբթի իր ռազմական եւ ազգային անվտանգութեան խորհրդականներու հետ քննարկած է հաւանական պատասխանի շարք մը տարբերակներ, այդ շարքին՝ Պարսից ծոցի մէջ իրանեան աւանդներուն հարուածելը, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ Իրանի կողմէ աջակցուող աշխարհազօրայիններու դէմ գործողութիւնը, «սայպըր» յարձակումը եւ ամենավտանգաւոր տարբերակը՝ հարուածներ հասցնել Իրանի տարածքին մէջ՝ շարքէ հանելու հրամանատարներ եւ առանցքային ռազմական կառոյցներ:

Նշենք, որ պաշտօնական Թեհրանը յայտարարած է, որ որեւէ առնչութիւն չունի Յորդանանի մէջ ամերիկեան կայանի վրայ մահաբեր յարձակման հետ: