image

Բերման ենթարկուած է պահեստազօրի գնդապետի որդին

Բերման ենթարկուած է պահեստազօրի  գնդապետի որդին

Կիրանց Իջեւան ճանապարհին բերման ենթարկուած է պահեստազօրի գնդապետ Միհրան Մախսուդեանի որդին՝ Վահագն Մախսուդեանը: Այս մասին յայտնած է պահեստազօրի գնդապետ Միհրան Մախսուդեան:

Վահագնը բերման ենթարկած են ոստիկանութեան դիմակաւորուած աշխատակիցներ:

Յայտնի չէ, թէ ոստիկանութեան որ բաժինը ան տարուած է:

Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ զինք ձերբակալած են: