image

«Բաւակա՛ն է, «խխունջացած» մի՛ ապրէք, արտայայտէք ձեր ընդվզումը կամ արտայայտէք ձեր կողմ լինելը»․ Բագրատ Սրբազան

«Բաւակա՛ն է, «խխունջացած» մի՛ ապրէք, արտայայտէք ձեր ընդվզումը կամ արտայայտէք ձեր կողմ լինելը»․ Բագրատ Սրբազան

Հիմա ժամանա՛կն է, Ձեր ձայնը բարձրացուցէք, խօսեցէք ճշմարտութեան մասին, պէտք է ընդվզիք բոլոր օրինական միջոցներով, արտայայտեցէք ձեր ընդվզումը կամ արտայայտեցէք ձեր կողմ ըլլալը։ Այս մասին Կիրանցի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ Սրբազանը՝ դիմելով ՀՀ բոլոր քաղաքացիներուն։

«Բաւակա՛ն է, «խխունջացած» մի՛ ապրէք, ամէն օր տուն գնալուց մտածէք ձեր խղճի, ինքնասիրութեան ու ինքնութեան մասին, մտածէք, որ երեխաներն այստեղ գիշեր-ցերեկ Ձեզ համար արցունքախառն կանգնած են։ Սա Կիրանցի խնդիրը չէ, իրենք կարող են գնալ ուրիշ տեղ հանգիստ ապրել, սա Հայաստանի Հանրապետութեան եւ հայոց պետականութեան վճռորոշ ժամն է», - ըսած է Բագրատ Սրբազանը։

Անոր խօսքով՝ հոգեւորականութիւնն այսօր կը պաշտպանէ իր ժողովուրդի շահերը, դժբախտաբար, իր իսկ սեփական կառավարութենէն ու պետութենէն։

Անդրադառնալով նախօրէին զինուորականներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջադէպին, Բագրատ Սրբազան նշած, որ զինուորականները յուզուած վիճակի մէջ յայտնուած են այնտեղ։

«Տեղի պայմանագրային զինծառայողներն են, այս հող ու ջրի մարդիկ, այդ յուզականութեան մէջ ինչքան կամք պէտք է ունենային, որ ինչ-որ ձեւով չարտայայտէին։ Իրենց համազգեստով են արտայայտել եւ այսօր նոյնիսկ ասում են, որ զղջացել են։ Ես դա զղջում չեմ համարում, համարում եմ անդրադարձ։ Այո՛ պէտք չէ, որ զինուորականութիւնը, որը կոչուած է սահմանը պահպանելուն ու պաշտպանելուն, իրենց բնութագրմամբ, քաղաքական պրոցեսների (գործընթացներ) մասնակցի։ Պէտք չէ նաեւ, որ երեխաները մասնակցեն, բա այդ երեխաներն ու կանայք քաղաքական պրոցեսի ե՞ն մասնակցում, այսքան ժողովուրդ քաղաքական պրոցեսների է՞ մասնակցում։ Ո՛չ, ճշմարտութեան դատին են մասնակցում», - նշած է Տաւուշի թեմի առաջնորդ՝ աւելցնելով, որ այդ զինուորականներն ալ չեն կրցած անտարբեր մնալ։

«Այդ տղաների մասնակցութիւնը մենք ընդունում ենք որպէս յուզական դրսեւորում, եւ որեւէ կերպ իրենք քրէական կամ այլ պատասխանատուութեան ենթակայ չեն կարող լինել», - աւելցուցած է ան՝ միեւնոյն ժամանակ դիմելով զինուորականներուն եւ յորդորելով ոչ թէ արձագանգել տրուած հրամաններուն, այլ իրենց վարքով կանխել անօրինական հրամանները։