Լիբանանի մէջ մեծ վարկ ունեցող Հայ Կաթողիկէ վարժարանը կը շարունակէ իր փայլուն գործունէութիւնը։
Այս ծիրէն ներս տնօրէնութիւնը՝ գլխաւորութեամբ Տնօրէն՝ Տիար Կրէկուար Գալուստի ուրախութեամբ յայտնած է վարժարանի սաներուն վերջին յաջողութիւններուն մասին։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց՝ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի դիմատետրեան խումբէն։
Ստորեւ ներկայացուցած լրատւութիւնը։
Մեր վարժարանին մէջ անսահման ուրախութեամբ եւ խոր հիացումով այսօր նշեցինք DELF A1, A2, B1 եւ B2 վկայականներու շնորհումը մեր փայլուն աշակերտներուն:
Ջերմ շնորհաւորանքներ՝ մեր վկայակիրներուն, այս նշանակալի յաջողութեան համար:
Այս յաջողութիւնը մեր աշակերտներուն կողմէ կատարուած մեծ աշխատանքին արդիւնքն է, որ աջակցութիւն կը ստանայ Մեսրոպեանի ուսուցիչներու նուիրուածութեամբ եւ փորձով: