image

Գերմանիոյ մէջ ծանր արկած. Մահացած է Արթուր Իսբիրեան

 Գերմանիոյ մէջ ծանր արկած. Մահացած է Արթուր Իսբիրեան

 Օրերս Գերմանիոյ մէջ ինքնաշարժի ղանր արկածի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է գերմանահայ շրջանակներուն մէջ սիրուած անձնաւորութիւն՝ Արթուր Իսբիրեան։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Գերմանիոյ հայկական համայնքի պատասխանատու անձնաւորութիւն ՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Պետիկեանէն։

Ի դէպ Պետիկեան այս մասին կարճ գրառում մը կատարած է մասնաւորապէս գրելով՝ 

«Ապրիլի 9-ին, մեքենայի արկածի հետեւանքով մեզանից հեռացաւ սիրելի Արթուրը, իր ետին թողնելով՝ իր կնոջ, եւ երեք աղջիկներին։

Արթուրը աղթանդամ, բարձր ձայնով, ուժեղ, քաջ, կտրիճ, ընկերասէր, օգնող, ազգասէր եւ հայրենասէր անձնաւորութիւն էր։

«Կտրուեց» Դինսլաքընի հայութեան գլուխը։

Մեր խորին ցաւակցութիւնները իր կնոջ՝ եւ զաւակներին, հարազատներին եւ ընկերներին։

Շատ շուտ հեռացար մեզանից, սիրելի ընկերս»։