image

Պէյրութի մէջ. Մեսրոպեանցի աշակերտուհիին պատուաբեր մրցանակ (Լուսանկար)

Պէյրութի մէջ. Մեսրոպեանցի աշակերտուհիին պատուաբեր մրցանակ (Լուսանկար)

Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ վարժարանի աշակերտուհի Գարմէն Եագուպ երկրորդ տեղը գրաւած է՝ Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» ակադեմիայի կազմակերպած միջ-դպրոցական նկարչական մրցումին:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Մեսրոպեան Վարժարանի դիմատետրեան խումբէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

Մեսրոպեանի աշակերտուհի Գարմէն Եագուպ պատուաբեր երկրորդ մրցանակը ստացաւ Համազգայինի «Թորոս  Ռոսլին» ակադեմիայի կազմակերպած միջ-դպրոցական նկարչական մրցումին:

Կը շնորհաւորենք Գարմէնը եւ կը մաղթենք, որ ան զարգացնէ իր նկարչական ձիրքը, առ ի զարգացում իր անձին եւ արուեստին: