image
Հրատապ լուրեր:

Քիեւն ու Խարքովը ենթարկուած են զանգուածային յարձակման. կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Քիեւն ու Խարքովը ենթարկուած են զանգուածային յարձակման. կան զոհեր եւ վիրաւորներ

Ռուսական ուժերը հարուածած են Խարքովն ու Քիեւը։ Յայտնի է զոհերու եւ վիրաւորներու մասին: Վնասուած են բնակելի շէնքեր, ծննդատուն եւ այլ կառոյցներ, հրդեհներ բռնկած են:

Վիթալի Քլիչքոն տեղեկացուցած է, որ մայրաքաղաքի ձախ ափին ջրամատակարարման խափանումներ կան։ Քիեւի մէջ 6000 տուն կրկին մնացած է առանց ջեռուցման, մինչդեռ ջերմաստիճանը կը հասնի -8-ի։ Քաղաքապետը կոչ ըրած է բնակիչներուն՝ հնարաւորութեան պարագային հեռանալու Քիեւէն:

Վլատիմիր Զելենսքին յայտարարած է, որ Տաւոսի մէջ համաձայնութեան եկած է Թրամփի հետ Patriot համակարգերու համար նոր հրթիռներ մատակարարելու վերաբերեալ՝ զօրացնելու Ուքրանիոյ հակաօդային պաշտպանութիւնը։ 

Ռուսիոյ ՊՆ-ն ալ յայտնած է, որ գիշերը խոցուած է ուքրանական 75 անօդաչու թռչող սարք: Ըստ գերատեսչութեան՝ թիրախ եղած են Ռոսթովի, Պելկորոտի, Քուրսքի, Վորոնեժի, Պրեանսքի մարզերը։