image
Հրատապ լուրեր:

Յոյսով ենք` Պաքուն եւ Երեւանը Մոլտովայի մէջ պիտի հաստատեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու կամքը. Շառլ Միշել

Յոյսով ենք` Պաքուն եւ Երեւանը Մոլտովայի մէջ պիտի հաստատեն յարաբերութիւնները կարգաւորելու կամքը. Շառլ Միշել

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այսօրուան հանդիպումը շատ կարեւոր է։ Այս մասին Քիշնեւի մէջ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 2-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս լրագրողներուն ըսած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը։

«Այսօր կարեւոր հանդիպում կայ: Մի քանի շաբաթ առաջ ես հնարաւորութիւն ունեցայ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու հետ։ Մենք որոշակի առաջընթաց գրանցած ենք, եւ ես յոյս ունիմ, որ այս հանդիպումը հնարաւորութիւն կ'ըլլայ վերահաստատելու երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ընդհանուր քաղաքական կամքը»,- ըսած է ան։