image

Ատրպէյճան կասեցուց Եւրոխորհրդարանի հետ յարաբերութիւնները

Ատրպէյճան կասեցուց Եւրոխորհրդարանի հետ յարաբերութիւնները

Ատրպէյճանի խորհրդարանը՝ Միլի Մեճլիսը, որոշում ընդունած է դադրեցնելու համագործակցութիւնը Եւրոպական խորհրդարանի հետ՝ զայն հիմնաւորելով «հակաատրպէյճանական գործունէութեամբ»։

Եւրոպական խորհրդարանը Ապրիլ 30-ին ընդունած էր բանաձեւ, որով նաեւ դատապարտած էր Ատրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներու, պահուող անձերու եւ պատանդներու «անարդար կալանքը»՝ պահանջելով անոնց անյապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակումը։ Խորհրդարանը նաեւ վերահաստատած էր իր աջակցութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հայերու անվտանգ, անխոչընդոտ եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքին՝ ներառեալ անոնց ինքնութեան, սեփականութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը։

Ատրպէյճանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Մարիանա Քույունտժիչը հրաւիրուած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն։

Ըստ ընդունուած որոշման՝ Միլի Մեճլիսը պիտի դադրեցնէ Եւրոպական խորհրդարանի հետ համագործակցութեան բոլոր ձեւերը։ Բացի այդ, խորհրդարանը պիտի սկսի ընթացակարգեր՝ դուրս գալու Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովէն, որ հարթակ է, ուր Եւրոպական խորհրդարանի եւ Ուքրանիոյ, Մոլտովայի, Պելառուսիոյ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի ազգային խորհրդարաններու ներկայացուցիչները կը մշակեն ԵՄ-ի հետ աւելի սերտ քաղաքական եւ տնտեսական կապեր։

Քննարկումներէն ետք նախագիծը դրուած է քուէարկութեան եւ միաձայն ընդունուած՝ պատգամաւորներուն կողմէ։