Օրերս յորդանանեան լրատուածիջոցները լուր մը հրապարակեցին, որ շատ արագ կերպով շրջանառութենէ հանուեցաւ: Այս մասին կը գրէ «Ալ Տիար»ը:
Լուրին մէջ նշուած էր, որ Յորդանանի թագաւորական դիւանի նախագահ Ֆայէզ Ալ Թարաուինա յայտարարած է, թէ յառաջիկայ օրերուն վեց տարուան դադարէ ետք առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական այցով Դամասկոս պիտի մեկնի եւ Ասատին յանձնէ Յորդանանի թագաւոր Ապտալլա Բ-ի յղած նամակը:
Լուրը ջնջած լրատուամիջոցները յայտարարած են, որ իրենց կայքերը ցանցահէններու յարձակման ենթարկուած են, որոնք Յորդանանի եւ Սէուտեան Արաբիոյ թագաւորներուն մասին ոչ ճիշդ լուրեր հրապարակած են:
Անկէ ետք Թարաուինա ժխտած է Սուրիա այցելելու իր մտադրութեան մասին տարածուած լուրերը, մինչդեռ թագաւորը ոչ մէկ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է: