Թուրքիոյ նախագահը Էրտողան կը պնդէ Աֆրին այցելել, հոնկէ քրտական Ազգի պաշտպանութեան բանակի «զինեալներուն» դուրս գալէն եւ Թուրքիոյ բանակի կողմէ ճանապարհները ականազերծուելէ եւ քաղաքը ապահով դարձնելէ անմիջապէս ետք: Այս մասին կը գրէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ սակայն Էրտողան կ'ուզէ այդ այցելութիւնը կայացնել յառաջիկայ մօտ օրերուն:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ թրքական բանակը 20 հազար զինուորներ եւ սպաներ պիտի տեղակայէ Աֆրինի մէջ եւ 48 ժամուան ընթացքին, 20 հազար զինուրներու միջոցաւ պիտի խուզարկէ Աֆրինի մէջ իւրաքանչիւր տուն եւ անկիւն:
Միւս կողմէ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցի միջոցով Էրտողանին խորհուրդ տուած է չայցելել Աֆրին, ըսելով, որ կարիք չկայ այդ գործողութիւնը որպէս մեծ յաղթանակ մը ներկայացնելու :