Յորդանանի արքայազն, նախկին թագաժառանգ Համզան ստորագրած է նամակ, որով խոստացած է հաւատարիմ մնալ իշխող Հաշէմեան միապետական ընտանիքի աւանդոյթներուն եւ մօտեցումներուն, այս մասին կը հաղորդէ արաբական Al Jazeera լրատուականը։
Արքայազնը իր նամակին մէջ գրած է․«Ես զիս կը յանձնեմ Նորին մեծութիւն արքային։ Ես միշտ հաւատարիմ կը մնամ Յորդանանի սիրելի Հաշէմեան Թագաւորութեան սահմանադրութեան եւ միշտ կ'օգնեմ եւ կ'աջակցիմ Նորին մեծութիւն արքային եւ անոր թագաժառանգին։ Հայրենիքի շահերը պէտք է վեր մնան ամէն տեսակ քննարկումէ: Մենք բոլորս պէտք է թագաւորի թիկունքին կանգնինք՝ Յորդանանը եւ անոր ազգային շահերը պաշտպանելու հարցով»։
Նամակը յաջորդած է թագաւոր Ապտալլա Բ.-ի կողմէ՝ ընտանիքին մէջ առկայ տարաձայնութիւնները վերացնելու վերաբերեալ միջնորդութեան համաձայնութիւն տալուն, ինչպէս նաեւ արքայազն Հասանի եւ թագաւորական ընտանիքի այլ բարձրաստիճան անդամներու հետ հանդիպման։
Al Jazeera-ն նշած է, որ պալատին մէջ ըսուած է, թէ Ապտալլան խնդրած է իր հօրեղբօրը՝ արքայազն Հասանին՝ «արքայազն Համզայի շուրջ առկայ իրավիճակը կարգաւորել Հաշէմեան ընտանիքի շրջանածիրէն ներս»:
Նշենք, որ Յորդանանի նախկին թագաժառանգ արքայազն Համզան տնային կալանքի տակ է՝ թագաւորութենէն ներս «անվտանգութեան եւ կայունութեան» դէմ ուղղուած գործողութիւններու մեղադրանքով։ Յորդանանի փոխվարչապետ Այման Սաֆատն ըսած է, որ արքայազնը օտարերկրեայ ուժերու հետ երկիրը ապակայունացնելուն ուղղուած «չարամիտ դաւադրութեան» մաս կը կազմէ:
Յորդանանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի հաղորդմամբ` դաւադրութեան գործով ձերբակալուած է 14-էն 16 մարդ՝ այդ շարքին Ելեւմուտքի նախկին նախարար Պասէմ Իպրահիմ Աուատալլան ու թագաւորական ընտանիքի անդամ Շարիֆ Հասան պըն Զայէտը: Միեւնոյն ժամանակ, բանակի հրամանատարութիւնը հերքած է նախկին թագաժառանգ արքայազն Համզայի ձերբակալման մասին տեղեկութիւնը:
Համզան, որուն Ապտալլա Բ.ն զրկած է թագաժառանգի տիտղոսէն 2004 թուականին, մեղադրած է Յորդանանի ղեկավարութիւնը փտածութեան, խնամաշահութեան (նեպոտիզմ) եւ մենատիրական կառավարման համար: Շաբաթ օր BBC-ին ուղարկած տեսանիւթին մէջ արքայազնը ըսած էր․ «Ոչ ոք ի վիճակի է որեւէ բանի մասին խօսիլ կամ կարծիք յայտնել՝ առանց բռնութեան, ձերբակալման, հետապնդումներու եւ սպառնալիքներու ենթարկուելու»։
Այս միջադէպէն ետք արքայազն Համզան արժանացած է զգալի թիւով յորդանանցիներու համակրանքին, որոնք կը կարծեն, որ այժմ արքայազնը վարկաբեկելու արշաւ սկսած է։
Յորդանանի բանակի շտաբի պետ, զօրավար Եուսէֆ Հունէյթին ըսած է, որ զօրքերը դէմ պիտի կանգնին իւրաքանչիւրին, որ «կը փորձէ վտանգել ազգի անվտանգութիւնը, սարսափեցնել անոր քաղաքացիները եւ սպառնալ թագաւորութեան անվտանգութեանն ու կայունութեան»:
Համզան Յորդանանի ներկայիս Ապտալլա Առաջին թագաւորի կրտսեր խորթ եղբայրն է եւ նախկին թագաւոր Ալ Հուսսէյն Առաջինի եւ անոր 4-րդ կնոջ՝ Նուր թագուհիի առաջնեկը։ 2004 թուականին, գահ բարձրանալէ 5 տարի անց, Ապտալլա թագաւորը արքայազն Համզան զրկած է «թագաժառանգ» տիտղոսէն՝ նշելով, որ այն համադրելի չէ իր ստանձնելիք պաշտօններուն հետ։ Երկուքին միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ ոչ մէկ բացայայտ մրցակցութիւն առ այսօր չէ եղած:
Յիշեցնենք, որ սա Թագաւորութեան մէջ հազուագիւտ միջադէպ է։ Յորդանանը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ԱՄՆ-ի դաշնակիցն է եւ տարիներ ի վեր ամենակայուն պետութիւնը։