Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն մարտ 4-ին քննարկած են երկկողմ ռազմավարական յարաբերութիւններու օրակարգին առնչուող հարցերու լայն շրջանակ։ Այս մասին յայտնած են Հայաստանի կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն աշխատանքային այցով Վրաստան մեկնած է մարտ 3-ին։
Փաշինեանն ու Քոպախիձէն կարեւորած են առեւտրատնտեսական համագործակցութեան հետեւողական զարգացումն ու ընդլայնումը։ Այդ պարունակին մէջ ընդգծուած է նոյն օրը տեղի ունեացած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի 15-րդ նիստի կայացումը։ Կողմերը համոզմունք յայտնած են, որ այն նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկկողմ փոխգործակցութեան ամրապնդման տարբեր ոլորտներու մէջ։
Վարչապետները միտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային նշանակութեան շարք մը հարցերու շուրջ։ Կարեւորուած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովմանն ուղղուած քայլերու շարունակականութիւնը։