image
Հրատապ լուրեր:

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի ուսանողուհին՝ Հայկազեան Համալսարանի պատուոյ ցանկին մէջ

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի ուսանողուհին՝ Հայկազեան Համալսարանի պատուոյ ցանկին մէջ

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը հպարտութեամբ կը տեղեկացնէ իր նախկին ուսանողուհիներէն Մեղրի Մկրտիչեանի նուաճման մասին, յայտնելով, որ վերջինս ընդգրկուած է Հայկազեան համալսարանի պատուոյ ցանկին մէջ՝ 2025-2026 տարուայ աշնանային կիսամեակին։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Մեսրոպեան Վարժարանի դիմատետրեան էջէն։

Ստորեւ  կատարուած լրատւութիւնը`

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը մեծ հպարտութեամբ կը հաղորդէ, որ իր նախկին ուսանողուհիներէն Մեղրի Մկրտիչեան ընդգրկուած է Հայկազեան համալսարանի՝ իր բաժանմունքի պատուոյ ցանկին մէջ՝ 2025-2026 տարուայ աշնանային կիսամեակին համար։


Մեղրի Մկրտիչեան ներկայիս հոգեբանութեան BA ծրագիրի աւարտական տարուան ուսանողուհի է։

Այս ճանաչումը, որ պաշտօնապէս փոխանցուեցաւ Հայկազեան համալսարանի արուեստի եւ գիտութիւններու բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ․ Նատիմ Հասունի կողմէ, կ'արտացոլացնէ ոչ միայն ուսանողուհիին անձնական ակադեմական գերազանցութիւնը, այլեւ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանին մէջ հաստատուած կրթական ամուր հիմքերը։

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը ջերմ շնորհաւորանքներ կը յղէ Մեղրի Մկրտիչեանին եւ կը խրախուսէ իր կրթական համայնքը ոգեւորուելու այս նուաճումէն։