image

Իրան մտադիր չէ բանակցութիւններ վարել ԱՄՆ-ի հետ. Գերագոյն առաջնորդի խորհրդական

Իրան մտադիր չէ բանակցութիւններ վարել ԱՄՆ-ի հետ. Գերագոյն առաջնորդի խորհրդական

Իրան այլեւս մտադիր չէ որեւէ բանակցութիւն վարել Միացեալ Նահանգներու հետ եւ պատրաստ է շարունակելու պատերազմը այնքան, որքան հարկ ըլլայ։ Այս մասին յայտարարած է Իսլամական Հանրապետութեան Գերագոյն առաջնորդի խորհրդական Մոհամմատպ։

«Մենք չենք վստահիր ամերիկացիներուն եւ մտադիր չենք անոնց հետ վարել որեւէ բանակցութիւն։ Մենք կրնանք շարունակել պատերազմը այնքան, որքան հարկ է, այնպէս ինչպէս ութամեայ Սրբազան Պաշտպանութեան ժամանակ (խմբ.՝ նկատի ունի 1980-1988 թուականներուն Իրան-իրաքեան պատերազմը)»,– ըսած է ան։

Իր հերթին, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի «անիրատեսական սպասումները» յանգեցուցին Իրանի միջուկային հարցին շուրջ բանակցութիւններու խափանման։