image

Թրամփ դաւաճանած է իր ժողովուրդին. Արաքչի

Թրամփ դաւաճանած է իր ժողովուրդին. Արաքչի

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ դաւաճանած է դիւանագիտութեան եւ զինք ընտրած ամերիկացիներուն։ Այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Աբբաս Արաքչին։

 

Իրանի գլխաւոր դիւանագէտին խօսքով՝ երբ բարդ միջուկային բանակցութիւններուն հետ կը վարուին անշարժ գոյքի առքուվաճառքի գործարքի պէս, եւ երբ մեծ սուտերը կը մշուշեն իրականութիւնը, անիրատեսական սպասումները երբեք չեն կրնար բաւարարուիլ։

 

«Արդի՞ւնքը՝ չարակամութենէն մղուած բանակցութիւններու սեղանի ռմբակոծումն է»,– նշած է Արաքչին՝ աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի որդեգրած քաղաքականութիւնը կործանարար է միջազգային յարաբերութիւններուն համար։