Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փաքիստանի Լահոր եւ Քարաչի քաղաքներուն մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութիւններուն, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի մէջ գտնուող դեսպանութեան՝ կարեւոր գործառոյթ չունեցող աշխատակիցներուն հրահանգած է հեռանալ։
Այս մասին յայտնած են Փաքիստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, ինչպէս նաեւ կիպրական Politis պարբերականը։
«Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կարգադրած է Փաքիստանի Լահոր եւ Քարաչի քաղաքներուն մէջ գտնուող հիւպատոսութիւններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան՝ արտակարգ իրավիճակներուն հետ կապ չունեցող աշխատակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներուն լքել Փաքիստանը՝ անվտանգութեան սպառնալիքներուն պատճառով»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Իսլամապատի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աշխատանքին մէջ փոփոխութիւն չկայ։
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը նոյն պատճառով լիազօրած է Կիպրոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան աշխատակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներու անդամներուն հեռանալ երկրէն։ Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներուն նաեւ խորհուրդ տրուած է վերանայիլ դէպի Կիպրոս իրենց ճամբորդութիւնները։ Ըստ Politis պարբերականին, որ կը վկայակոչէ դիւանագիտական աղբիւրներու, այս քայլը ձեռնարկուած է որպէս նախազգուշական միջոցառում եւ չենթադրեր, որ կայ անմիջական սպառնալիք։