image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի Վրաստանի ԱԳ նախարարները կարեւորած են խաղաղութեան պայմաններու մէջ առկայ առաւելութիւնները

Հայաստանի Վրաստանի ԱԳ նախարարները կարեւորած են խաղաղութեան պայմաններու մէջ առկայ առաւելութիւնները

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոճորիշվիլին մարտ 4-ին Սիղնաղիի մէջ քննարկած են Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ երկկողմ գործընկերութեան օրակարգային հարցեր՝ ընդգծելով, որ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի նախապատրաստումը եւ յաջող կայացումը աշխուժ փոխգործակցութեան հերթական դրսեւորումն է։ Այս մասին յայտնած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն։

Արարատ Միրզոյեանը եւ Մաքա Պոճորիշվիլին անդրադարձ կատարած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակին։ Նախարարները կարեւորած են լարուածութեան նուազեցման եւ խնդիրներու խաղաղ ճանապարհով հասցէագրման ուղղութեամբ ջանքերը՝ ընդգծելով խաղաղութեան պայմաններու մէջ առկայ առաւելութիւնները։

Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարները կարեւորած են Մերձաւոր Արեւելքի մէջ երկու երկիրներու դեսպանութիւններու միջոցաւ տեղւոյ մէջ քաղաքացիներուն հնարաւոր աջակցութեան ցուցաբերման հարցով փոխգործակցութիւնը։

Հանդիպման միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ բազմակողմ ձեւաչափերով փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններու շուրջ։