image
Հրատապ լուրեր:

Ընդդիմութիւնը պիտի փորձէ խափանել կառավարութեան վաղուայ նիստը. Հաւաքը վերջ գտաւ

Ընդդիմութիւնը պիտի փորձէ խափանել կառավարութեան վաղուայ նիստը. Հաւաքը վերջ գտաւ

«Արեւելք»ի Երեւանի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ քիչ առաջ Երեւանի «Հանրապետութիւն» հրապարակին վրայ վերջ գտաւ Հայաստանի քաղաքական դաշտի ընդդիմադիրներու բողոքի հերթական հաւաքը:

Հաւաքի ընթացքին խօսք առին քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, որոնք բոլորն ալ շեշտեցին Փաշինեանի հրաժարական տալու կարեւորութիւնը: Կը նշուի նաեւ, որ հաւաքի աւարտին Հ.Յ.Դ.-ի ներկայացուցիչներէն՝ Գեղամ Մանուկեան խօսք առնելով նշեց, որ իրենց համար վաղը կարեւոր օր է եւ պիտի փորձեն ամէն գնով հաւաքուիլ կառավարութեան շէքին առջեւ, ինչպէս նաեւ խափանել կառավարութեան նիստը:

 



Լուսանկարները եւ տեսանիւթը «Արեւելք»-ի