image

«Արեւմտեան Ատրպէյճան»ը կը ֆինանսաւորուի Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ. փաստաթուղթերու արտահոսք․ OC Media

«Արեւմտեան Ատրպէյճան»ը կը ֆինանսաւորուի Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ. փաստաթուղթերու արտահոսք․ OC Media

OC Media-ի ուսումնասիրած արտահոսած փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ Ատրպէյճանի նախագահի վարչակազմն ուղղակիօրէն համակարգած եւ ֆինանսաւորած է միջազգային արշաւը մարդասիրական նախաձեռնութեան անուան տակ: Իրականութեան մէջ նախագիծը կը պարունակէ յետադարձական տարրեր, որոնք ուղղուած են Հայաստանի նկատմամբ հնարաւոր տարածքային նկրտումներուն։ Այս մասին հաղորդած է «Խրոնիքա Կավկազա»-ն։

«Արեւմտեան Ատրպէյճան» եզրոյթը չի վերաբերիր Ատրպէյճանի տարածքին, այլ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի մէկ մասին կամ ամբողջին։

Արշաւը դիրքաւորուած է որպէս մարդասիրական նախաձեռնութիւն՝ ուղղուած 1980-ականներու վերջը եւ 1990-ականներու սկիզբը էթնիք հակամարտութիւններու եւ Առաջին Ղարաբաղեան պատերազմի բռնկման հետեւանքով Հայաստանէն տեղահանուած ատրպէյճանցիներու «անվտանգ եւ արժանապատիւ վերադարձին»։

Արշաւի առանցքային իրադարձութիւնը 2023 թուականի դեկտեմբեր 5-6-ը Պաքուի մէջ կայացած համաժողովն էր՝ «Հայաստանէն արտաքսուած ատրպէյճանցիներու անվտանգ և արժանապատիւ վերադարձի ապահովումը. համաշխարհային պարունակ եւ արդար լուծում» խորագրով։

Միջոցառման կազմակերպման համար ծախսուած է աւելի քան 109,000 մանաթ (մօտ 65,000 տոլար), որ կը ներառէր մասնակիցներու կացարանի, լսատեսողական սարքաւորումներու եւ թուային հարթակի ծախսերը։

Գիտաժողովին մասնակցած էին 34 օտարերկրեայ փորձագէտներ Եւրոպայէն, Ասիայէն եւ Մերձաւոր Արեւելքէն:

Յօդուածի հեղինակ, շուէտ լրագրող Ռասմուս Քանպեքը նշած է, որ փաստաթուղթերը ցոյց կու տան պետութեան անմիջական մասնակցութիւնը համաժողովներու, հրապարակումներու կազմակերպմանն ու թուային հարթակներու ստեղծման: Անկախ փորձագէտները նախաձեռնութիւնը բնութագրած են որպէս յետադարձական՝ ընդգծելով, որ ատոր նպատակն է հիմնաւորել տարածքային նկրտումները օտար հողի նկատմամբ: