Օրերս Հունգարիա գտնուող Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր․ Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպում ունեցած է Պուտափէշթի հայ համայնքի անդամներուն հետ։
Ասոր մասին կը կարդանք Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ՝ տրուած հաղորդագրութիւնը։
Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբեր 2025-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր․ Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան հանդիպում ունեցաւ Պուտափէշթի հայ համայնքի անդամներուն հետ՝ հնարաւորութիւն ունենալով ծանօթանալու անոնց կենցաղային վիճակին եւ մարտահրաւէրներուն Հունգարիոյ մէջ։ Հունգարիոյ Բարեկարգեալ Եկեղեցւոյ Էքումէնիք Գրասենեակի պատասխանատուներուն հետ միասին Վերապատուելին այցելեց Հայր Պետորս Մարաշլեան, Պուտափէշթի Հայ Կաթողիկէ համայնքի հովիւը։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան մտահոգութիւններ եւ համայնքային կարիքներու փոխադարձ բաժանում։ Վեր․ Սելիմեան քաջալերեց Հայր Մարաշլեանին հովուական ծառայութիւնը եւ գնահատեց անոր նուիրեալ առաջնորդութիւնը։ Հաւաքոյթը ընթացաւ ջերմ հիւրընկալութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքի ու քաջալերանքի մթնոլորտով։