Իսրայէլի ֆինանսներու նախարար Պեզալել Սմոթրիչը յայտարարած է, որ Իսրայէլի կառավարութիւնը հաստատած է Արեւմտեան ափի մէջ 19 նոր հրէական բնակավայրի կառուցման առաջարկը։ Այս մասին յայտնած է Associated Press-ը։
Նախարար Պեզալել Սմոթրիչը, որ մշտապէս կողմ հանդէս եկած է Արեւմտեան ափին մէջ բնակավայրերու ընդլայնման օրակարգին, նշած է, որ այսպիսիվ վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին կառուցուող նոր բնակավայրերու ընդհանուր թիւը հասած է 69-ի, որ նոր մրցանիշ է։
Բենիամին Նաթանիահուի կառավարութեան օրօք Արեւմտեան ափին մէջ շինարարութիւնն աճած է գրեթէ 50%-ով։
Սմոթրիչի գրասենեակը յայտարարած է, որ կառավարութիւնը հաստատած է բնակավայրերու կառուցումը դեկտեմբեր 11-ին, իսկ շինարարութիւնը մինչ օրս գաղտնի պահուած է։
Բնակավայրերու չափերը կրնան տարբեր ըլլալ՝ մէկ բնակարանէն մինչեւ բարձրայարկ շէնքերու համալիր։
2023 թուականի հոկտեմբեր 7-ին Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի մեկնարկէն ի վեր Իսրայէլն արագցուցած է բնակավայրերու կառուցումը եւ յայտարարած է Արեւմտեան ափին մէջ իր ներկայութիւնն ընդլայնելու ծրագրերու մասին։
Այդ բնակավայրերը միջազգային իրաւունքի համաձայն կը համարուին անօրինական։