image

Լիբանանի մէջ. «ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ»ի գործունէութեան Խնդիրը գերակայ.Լիբանանցի երեսփոխաններ այցելած են պաղեստինեան «Այն Հըլուէ» գաղթակայան

  Լիբանանի մէջ. «ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ»ի  գործունէութեան  Խնդիրը գերակայ.Լիբանանցի երեսփոխաններ այցելած են պաղեստինեան «Այն Հըլուէ» գաղթակայան

 Լիբանանցի երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէ «Հայկական երեսփոխանական պլոք»ի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի օրերս այցելութիւն տուած են Լիբանանի մէջ կայք հաստատած պաղեստինցիներու ՝«Այն Ալ Հըլուէ»ի գաղթակայան։

Ուշագրաւն այն է, որ երեսփոխաններուն ընկերակցած է Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը ունեցող եւ պաղեստինցիներու ընկերային-կրթական հարցերով զբաղուող «ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ»ի պատասխանատուներ։

«Արեւելք»ի ընթերցող հասարակութեան յիշեցնենք, որ մասնաւորապէս Կազայի պատերազմի սկիզբէն եւ թէժացումէն ասդին Արեւմտեան Պլոք»ի շարք մը ազդեցիկ տէրութիւններ «ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ»ի գործունէութիւնը դադրեցնելու կոչ ըրած էին, ենթադրելով, որ այդպիսով պիտի կարողանան «պատժել» «Համաս»ը։ 

Խնդիրն անշուշտ համալիբանանեան կտրուածքով բաւական բարդ կրնայ դառնալ, որովհետեւ Լիբանան հաստատուած պաղեստինցիներէն շատ-շատեր կ՚օգտուին «ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ»էն եւ  այդ օժանդակութեանց  դադրեցման պարագային, անոնք  կրնան  դիմագրաւել  դժուարին  պայմաններ, երկրի մը մէջ ուր տնտեսական  տագնապը   երկար ժամանակէ ի վեր «կը կրծէ»  երկրի  ամենատարբեր խաւերը 

Ստորեւ մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»ի տուած լրատւութիւնը այդ այցին մասին

Արտաքին եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Ֆատի Ալամէ, յանձնախումբի զեկուցաբեր, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ երեսփոխաններ Ալի Օսէյրան, Նատա Պուսթանի եւ Հայտար Նասեր, երէկ այցելեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայան` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի տնօրէն Տորըթի Քալուսի:

 

Այցելութեան նպատակն էր հաստատել Լիբանանի զօրակցութիւնը ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի աշխատանքի շարունակութեան եւ անոր մարդասիրական դերակատարութեան պահպանումին, ինչպէս նաեւ ընդգծեց, որ կարելի չէ պաղեստինցի գաղթականներուն տարրական կարիքները հոգացող եւ Լիբանանի կայունութեան նպաստող ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ծառայութիւններէն հրաժարիլ:

 

Պատուիրակութիւնը շրջեցաւ գաղթակայանի թաղերուն մէջ եւ լսեց հոն ապրող ժողովուրդին ցաւն ու տառապանքը: Պատուիրակութիւնը շրջեցաւ նաեւ դպրոցները, ինչպէս նաեւ բժշկական խնամք տրամադրող կարգ մը դարմանատուներ:

 

Պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Այն Հելուէ գաղթակայանի ներկայացուցիչներուն հետ, ապա Քըպպիէ դպրոցին մէջ գումարեց ժողով մը, որուն մասնակցեցան պաղեստինեան տարբեր խմբաւորումներուն ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ Ֆաթհ շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ֆաթհի Ապու Արտաթ:

 

Այցելութեան ընթացքին Ֆատի Ալամէ հաստատեց, որ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան զուգահեռ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու որոշումը հաւաքական պատիժի մը համազօր է` իւրաքանչիւր պաղեստինցիի համար, ըլլայ ան պաղեստինեան հողերուն վրայ, թէ իր հայրենիքէն դուրս, մասնաւորաբար` Լիբանանի մէջ:

 

Ալամէ շեշտեց, որ ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ֆինանսաւորումը կասեցնելու որոշումը վտանգաւոր հետեւանքներ կրնայ ունենալ Լիբանանի վրայ, եւ աւելցուց, որ յանձնախումբը այդ մասին բարձրաձայնած է ու այդ պատճառով այցելած Պրիւքսել եւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներուն ու Եւրոպական միութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած այդ հարցը: