Կազայի հատուածին մէջ, ուր Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնը կը շարունակուի աւելի քան երեք ամիս, տեղահանուածներու թիւը հասած է 1,9 միլիոնի, որ կը ներկայացնէ անկլաւի բնակչութեան աւելի քան 85%-ը։
Նման տուեալներ հրապարակած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Պաղեստինի փախստականներու օգնութեան եւ աշխատանքի գործակալութիւնը (UNRWA):
«Տեղահանուածներու թիւը հասած է 1,9 միլիոնի, կամ Կազայի հատուածի ողջ բնակչութեան աւելի քան 85%-ը»,- մէջբերած է Al Jazeera հեռուստաալիքը։