Վանայ լիճի ամենամեծ կղզիին` Աղթամարին մէջ գտնուող Սուրբ խաչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ 8 սեպտեմբերին Սուրբ Պատարագ մատուցուած է։
Պատարագին մասնակցած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ Արք. Մաշալեան։
Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ վերակառուցումէն յետոյ թրքական կառավարութիւնը այնտեղ տարին մէկ անգամ պատարագ մատուցելու թոյլտուութիւն տուած է։
Առաջին անգամ պատարագ մատուցելու թոյլտուութիւն տրուած է Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 100 տարի առաջ։ Սովորաբար այստեղ պատարագ կը մատուցուի Խաչվերացի տօնի նախորդ կիրակին։