image

ԱՄՆ-ն կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ վերջին առաջընթացը․ Միլլըր

ԱՄՆ-ն կ՚ողջունէ Երեւանի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մէջ վերջին առաջընթացը․ Միլլըր

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրոյցին ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն վերահաստատած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն ու արժանապատիւ խաղաղութեան կարեւորութիւնը։ Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Մեթիւ Միլլըրի հաղորդագրութեան մէջ։

«Արտաքին գործոց նախարար Պլինքըն ողջունած է կողմերու յարաբերութիւններուն մէջ վերջին առաջընթացը, այդ շարքին՝ սահմաններու սահմանազատման կարգաւորման շուրջ համաձայնութիւնը», - նշած է Միլլըր՝ ընդգծելով, որ Պլինքըն «վերահաստատած է Միացեալ Նահանգներու հաւատարմութիւնը բարգաւաճ, ժողովրդավարական եւ անկախ Հայաստանին աջակցելու շարունակական ջանքերուն»։

Հաղորդուած է նաեւ, որ Պլինքըն եւ Փաշինեան քննարկած են հայ-ամերիկեան ընդլայնուող յարաբերութիւնները՝ ներառեալ ուժանիւթի, առեւտուրի եւ ներդրումներու, ինչպէս նաեւ կրթութեան ոլորտներու մէջ համագործակցութիւնը։