image

Լոնտոն-Երեւան բանակցութիւններ. Անգլիա պատրաստ է գումար տրամադրելու եւ ապօրինի գաղթականները Երեւան ուղարկելու

Լոնտոն-Երեւան բանակցութիւններ. Անգլիա պատրաստ է գումար տրամադրելու եւ ապօրինի գաղթականները Երեւան ուղարկելու

Մեծն Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Հայաստանի, Փղոսկրեայ Ափունքի (Քոթ տ’Իւուարի), Քոսթա Ռիքայի եւ Պոթսուանայի ներկայացուցիչներու հետ բանակցություններ կը վարէ համաձայնագրի մը շուրջ, որու շրջածիրէն ներս կը նախատեսուի ապօրինի գաղթականներու ժամանակաւոր տեղափոխում այդ երկիրներ:

Այս մասին Միացեալ Թագաւորութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան արտահոսած փաստաթուղթերէն տեղեկացած է բրիտանական The Times պարբերականը՝ աւելցնելով, որ Մեծն Բրիտանիան արդէն 18 ամիս է կը փնտռէ երկիրներ, որոնք պատրաստ կ՚ըլլան ընդունելու ապօրինի գաղթականները։

Ըստ փաստաթուղթի՝ ապօրինի գաղթակնները պէտք է այդ երկիրներու մէջ տեղակայուին, քանի դեռ բրիտանական իշխանութիւնները կը քննարկեն ապաստանի տրամադրման վերաբերեալ անոնց հայցերը:

Լոնտոնը կ՚ակնկալէ այս չորս երկրի հետ կնքել Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ռուանտայի միջեւ նախապէս ձեռք բերուած համաձայնագրի համարժէքը։

Նշուած է նաեւ, որ Հայաստանը կ՚ակնկալէ այս գործարքէն ստանալ առնուազն 290 միլիոն ֆունտ սթերլինկ:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ Հայաստանի, Փղոսկրեայ Ափունքի, Քոսթա Ռիքայի եւ Պոթսուանայի հետ բանակցութիւններուն մէջ առաջընթացը կանգ առած է Ռուանտայի համաձայնագրի հետ կապուած շարունակական խնդիրներու պատճառով, սակայն կառավարութիւնը յոյսով է, որ բանակցութիւնները կրնան վերսկսիլ, երբ Ռուանտայի ծրագիրը գործարկուի:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Լոնտոնի հետ գաղթականներու հարցով բանակցելու մասին հրապարակման։

«Հայաստանն ու Միացեալ Թագաւորութիւնն ունեն քաղաքական երկխօսութեան լայն օրակարգ, բայց կոնկրետ հրապարակման մէջ բարձրացուած հարցով բովանդակային կամ տեխնիկական բանակցութիւններ չեն եղել»,- ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեանը։