image

Ռուսիոյ հայերու միութիւնը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Պելկորոտի մարզ

Ռուսիոյ հայերու միութիւնը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Պելկորոտի մարզ

Ռուսիոյ հայերու միութիւնը մարդասիրական օգնութիւն ուղարկած է Պելկորոտի մարզ, յայտնած է կազմակերպութեան մամուլի ծառայութիւնը։

Նշուած է, որ օգնութիւնն արդէն սկսած են բաշխել հասցէատէրերուն։

Առաջին խմբաքանակը հասցուած է Սթարիյ Օսքոլ քաղաք՝ ժամանակաւոր կացարաններէն մէկը։

Օգնութեան փոխանցման ներկայ եղած են Ռուսիոյ հայերու միութեան խորհուրդի անդամ Արամ Աբրահամեանը, ինչպէս նաեւ Պելկորոտի մարզի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Ժաննա Կիրէեւան եւ Ռուսիոյ մարդու իրաւունքներու յանձնակատարի խորհրդական Ելենա Սփիրիտոնովան։

Ստացուած է նաեւ 20 թոն խմելու ջուր՝ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու յարձակումներէն տուժածներու համար։