Արմատներով Քեսապէն եւ Հայաստան հաստատուած մտաւորական ՝ Յակոբ Չոլաքեան կը գրէ՝
Երուանդ յետոյ մեկնեցաւ Լոս Անճելոս, ուր երբեք հեռու չմնաց հայ կեանքէն, մասնաւորաբար՝ հայ գիրէն, գրականութենէն, հայագիտութենէն։ Խմբագրեց հայերէն եւ անգլերէն գիրքեր, թարգմանեց մեր հիներէն մինչեւ նորերը, հայագիտութեան եւ գեղարուեստական գրականութեան երկեր։ Կ՛աշխատակցէր «Ասպարէզ»ին։ Անձնապէս ինծի հետ կապուած՝ անմոռանալի էր «Քեսապ» Ա․ հատորիս մասին իր գրախօսութիւնը, զոր կարդաց շնորհանդէսի ատեն։ Ես չէի համարձակեր խնդրել, բայց օր մըն ալ անակնկալ ըրաւ ինծի՝ «Քեսապի երեք օրերը» գիրքիս անգլերէն թարգմանութեամբ։
Երուանդ անկախ մտածողութեան ու պարկեշտ հայ մտաւորականի տիպար էր վերջապէս։ Ահաւասիկ քանի տարիէ ի վեր անգործութեան մատնած էր զինք անողոք հիւանդութիւնը, կը զգայի, որ հեռաձայնային իմ կապս որքան կը յոգնեցնէ զինք, բայց իր ամենէն կարճ արտայայտութիւնն անգամ իր պայծառ մտածողութեան արդիւնքը կ՛ըլլար։
Մենք կորսնցուցինք եզակի մտաւորական մը, իսկ ես՝ հոգեղբայրս։
Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ, սիրելի Երուանդ։
ԵՐՈՒԱՆԴ ԳՈՉՈՒՆԵԱՆ
(1950-2023)
Երուանդ հոն էր, Այնճարի Հայ աւետարանական վարժարանի գիշերօթիկնոցը, երբ ես ալ հոն մեկնեցայ։ Եօթերորդ դասարան էինք։ Ուշիմ աշակերտ էր, բոլոր նիւթերուն մէջ՝ յաջողակ։ Բայց հայերէնի մէջ կարծես մենք աւելի մօտ էինք իրարու։ Օրդ․ Մարթա Քեշիշեանի, պպ․ Նազարէթ Պիտանեանի եւ Գէորգ Աբէլեանի պահերուն անպայման տեղ կը փոխէինք իրարու մօտ ըլլալու համար։ Կը սիրէինք երկուքով Այնճարի պարտէզներն ու ակը երթալ, բլուրները բարձրանալ, հնավայրին մէջ դեգերիլ ու արտասանել եւ երեւակայել մեր ապագայի «հոգեւոր դղեակները»։ Երեւի այդ բոլորէն ետք շատ բնական պահանջք դարձաւ զիրար «հոգեղբայր» կոչելը։
Դպրոցը աւարտելէ ետք կը թուէր, որ մեր ճամբաները կը բաժնուին։ Ինք անգլերէն լեզու եւ գրականութիւ ըրաւ՝ ինծի արտօնելով որ ես երթամ հայոց լեզուի եւ գրականութեան ետեւէն։ Բայց անգլերէն լեզուն ու գրականութիւնը զինք աւելի մօտեցուցին հայոց լեզուին ու գրականութեան։ Սիմոն Սիմոնեանի «Սփիւռք» շաբաթաթերթի «Գարուն» յաւելուածին գլխաւոր դէմքերէն մէկն էր, Ս. Սիմոնեանի մտերիմ աշխատակիցը։ Այս սփիւռքգարունականներու խումբը՝ Երուանդ Գոչունեան, Վեհանոյշ Թեքեան, Պօղոս Գիւբէլեան, Արա Արծրունի, Խոսրով Ասոյեան, Սարգիս Կիրակոսեան, Վարդի Դանիէլեան եւ շատեր Լիբանանի մէջ, կարելի է ըսել, հայ դպրութեան, գիրին ու գրականութեան նուիրաբերուած վերջին փաղանգը եղաւ։